ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան բանակը տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է հիւսիսային Նեկեւի մէջ իր ռազմակայանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, սակայն արդիւնքը ծրագրուածին հակառակն է: Արդարեւ, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ու զարմանալի գործողութեան մը ընթացքին «անծանօթներ» իսրայէլեան բանակին հարուած մը հասցուցին, երբ կրցան հիւսիսային Նեկեւի մէջ իսրայէլեան բանակի մարզումի ռազմակայանի մը զինամթերքի պահեստանոցը ներթափանցել: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:
«Գործողութեան հեղինակները տեղեակ էին անվտանգութեան միջոցառումներէն եւ թերեւս ներքին օգնութիւն ստացած են», կը յայտնէ օրաթերթը:
«Ետիոթ Ահրոնոթ»ը նաեւ կը գրէ, որ ռազմակայանը ներթափանցողները ռազմակայանին մէջ կիրարկուող ապահովական քայլերէն տեղեակ էին՝ աւելցնելով, որ անոնք քանի մը վայրկեանի մէջ ինքնաշարժներու մէջ բեռցուցած են սնտուկներըզինամթերքին, զոր կրնան քրէական շուկային մէջ ծախել միլիոնաւոր շեքելներու հասնող գումարներու դիմաց, ուստի իսրայէլեան բանակին նաեւ նիւթական մեծ վնաս պատճառած են:
«Հեղինակները մինչեւ հիմա անծանօթ են, գողութեան հարցով ոեւէ կասկածելի չէ ձերբակալուած», կը գրէ օրաթերթը՝ նշելով. «Կայ նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ գողերը ռազմակայանին ներսէն օգնութիւն ստացած կրնան ըլլալ»:
Իսրայէլեան բանակը հաստատեց դէպքը՝ յայտնելով. «Երկրին հարաւը գտնուող բանակի ռազմակայանին մէջ բացայայտուեցաւ զինամթերքի պահեստանոցը ներթափանցում մը, որուն ընթացքին բանակի զինամթերք գողցուեցաւ: Զինուորական ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկեց, եւ արդիւնքները պիտի ներկայացնենք զինուորական դատախազութեան»: