Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրը շարունակելով, Դեկտեմբեր 27ին Ամերիկայի Հայ Մշակութային ընկերակցութեան Արցախ ֆոնտի երկրորդ պատուիրակութիւն մը Երեւանէն ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ:
Դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ, պատուիրակութիւնը Գորիսի մէջ հանդիպեցաւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանին: Համայնքի ղեկավարը Արցախ ֆոնտի անդամներուն պատմեց բնակիչներու վճռակամութեան եւ ունեցած կարիքներուն մասին:
Նոյն օրը, Արցախ ֆոնտի ներկայացուցիչները հասան Աղաւնոյ, իրենց հետ բերելով կենցաղային իրերու եւ սնունդի բաւարար քանակ, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի եւ Նիւ Եորք շրջանի մէջ հաւաքուած հագուստներ, որոնք պիտի բաժնուէին Աղաւնոյ համայնքի ընտանիքներուն:
Մեծ հիւրընկալութեամբ Աղաւնոյ համայնքապետը հիւրընկալեց Արցախ ֆոնտի ներկայացուցիչնիրուն, որոնք գիշերեցին այնտեղ: Գիշերը, անոնք ծանօթացան տեղւոյն դպրոցի եւ գիւղապետարանի շէնքային կացութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին վերանորոգման գործին նպաստելու:
Դեկտեմբեր 30ին, Արցախ ֆոնտի պատուիրակութիւն Ստեփանակերտէն վերադարձաւ Աղաւնոյ, այնտեղի բնակչութեան հետ դիմաւորելու Նոր Տարին եւ ժպիտ պարգեւելու պատերազմի ճիրաններու մէջ յայտնուած հայ փոքրիկին:
Տպաւորիչ էր համայնքի նոյնիսկ երեխաներու ամրութիւնը, ազատագրական պայքարի նուիրեալներու նկարներով զարդարուած տօնածառը եւ համայնքի բնակիչներուն հանդէպ՝ համայնքի ղեկավարի ու իր տիկնոջ ցուցաբերած հոգատարութիւնը:
Արցախ ֆոնտի ներկայացուցիչները Աղաւնոյի մէջ տեսան հողին կառչած մնալու կամք, երեխաներու յուսադրիչ ժպիտ եւ իրար հանդէպ հոգատար ու անկեղծ վերաբերմունք, որոնք պարտաւորեցնող են իւրաքանչիւր հայու համար, իրենց կողքին կենալու եւ իրենց պայքարին սատարելու: