
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երկուշաբթի, 22 եւ Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները թեմին մէջ գործող եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին շնորհաւորելու սրբազան հայրը՝ առաջնորդական պաշտօնին ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ իրենց սրտագին բարեմաղթանքները եւ բոլորանուէր աջակցութիւնը յայտնելու:
Արդարեւ, թեմի ծուխերէն՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին, Փասատինայի Ս. Սարգիս, Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Նորթ Հոլիվուտի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Հոգաբարձական կազմերը եւ տիկնանց միութիւնները յաջորդաբար շնորհաւորեցին առաջնորդ սրբազանը եւ փոխանցեցին իրենց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը՝ ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ պայծառակերտման եւ ազգի զաւակներու հոգեւոր աճին:
Սրբազան հայրը իր կարգին ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցւոյ գերագոյն նպատակն է՝ ծառայել Աստուծոյ ու հայ ժողովրդեան, եկեղեցին տանիլ դէպի ժողովուրդը ու յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւել եկեղեցւոյ ծառայական կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ:
Առաջին օրուան այցելուներու շարքին էին Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան եւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային երկրորդական, Մարի Գապայեան նախակրթարան վարժարաններու եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրի տնօրէնները եւ Ուսումնական մարմինի անդամները, որոնց հետ հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ հայ դպրոցի ներկայութեան եւ դերակատարութեան կարեւորութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը՝ իբրեւ վաղուան հայ-քրիստոնեայ մարդը դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ այցելութեան ընթացքին սրբազան հայրը բարձր գնահատեց քաղաքական ճակատի վրայ Հայ Դատի մարմիններուն գործունէութիւնը եւ յատկապէս Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, ռազմական եւ ընկերային հարցերու լուծման համար գործադրուած ջանքերը:
Արծարծուեցան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ճանաչման եւ հատուցման համար աշխարհի տարածքին գործադրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ Դատի բազմամակարդակ աշխատանքները, որոնք երկուստեք գնահատուեցան համահունչ եւ հեռանկարային:
Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերի առաջին այցելուն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան: Տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց երկլեզու «Ասպարէզ»ի առաւել քան հարիւրամեայ հայանպաստ առաքելութիւնը: Կէսօրին, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան լոսանճելըսաբնակ անդամներէն Մանուկ Ջուխաճեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ շնորհաւորական այցելութեամբ տեսակցութիւն ունեցան սրբազան հօր հետ, որ բարձր գնահատելէ ետք Համազգայինի մշակութային աշխարհատարած գործունէութիւնը՝ յոյս յայտնեց, որ նոր եւ յախուռն ծրագիրներով միութիւնը կը շարունակէ իր հայաշունչ առաքելութիւնը երիտասարդական աւիւնով եւ արհեստագիտական ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով:
Յետմիջօրէին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ շնորհաւորեցին սրբազան հայրը, որ հանդիպման ընթացքին վեր առաւ ՀՄԸՄի ծաւալած համաշխարհային գործունէութիւնը եւ մաղթեց, որ միութիւնը իր «Բարձրացիր, բարձրացուր» կարգախօսին հաւատարիմ՝ շարունակէ հայութեան ազգային կեանքին ներարկել նոր որակ, այսօրուան պատանին դառնայ հայկական արժէքներու հաւատարիմ ժառանգորդ վաղուան երիտասարդն եւ չափահասը ու ՀՄԸՄի ազգային աւանդը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:
Նոյն օրը, սրբազան հայրը յաջորդաբար ընդունեց նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց, Քեսապի Ուսումնասիրաց եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութիւններու անդամները, որոնք նոյնպէս սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ բոլորին պէս իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին աջակցելու Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան ու ծրագիրներուն: Փոխադարձաբար, սրբազան հայրը գնահատեց աստուածահաճոյ ու հայանուէր ծառայութիւնը բոլորին եւ նոր նուաճումներ ու բեղուն աշխատանքի նոր հորիզոններ մաղթեց անոնց:
Երկօրեայ հանդիպումները անցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Ինչպէս ամբողջ աշխարհը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը համաճարակային այս օրերուն ստիպուած է զգուշաւորութեան առաւելագոյն պայմաններու մէջ ապրելու եւ գործելու, այսուհանդերձ, բոլորին մօտ վառ էր յոյսը, որ նոր` 2021 տարին Հայ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար ըլլայ բարեբեր, բեղուն տարի, լեցուն նուաճումներով եւ նոր աշխատանքներու կարելիութիւններով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ