ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթերի, որ փոխանցեց Ֆրանսիս պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի հարցը:
Արդարեւ, Արցախի պատերազմի օրերուն, վեհափառ հայրապետը պապական նուիրակին ճամբով հայութեան մտահոգութիւնները եւ սպասումները յայտնած էր պապին եւ Վատիկանի պետական քարտուղարին՝ շեշտելով Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականը: Պապական նուիրակը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ Վատիկանը մօտէն կը հետեւի Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ միշտ կապի մէջ ըլլալով յատկապէս Ռուսիոյ հետ:
Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ պապին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը: