ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան եւ շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան 30 Դեկտեմբերին ընդունեցին Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանը:
Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամային վիճակը, մատնանշուեցան անոր հիմնական պատճառները, երկրին առջեւ ծառացած առաջնային մարտահրաւէրները:
Միտքեր փոխանակուեցան ստեղծուած իրավիճակէն հաւանական ելքերու ուղղութեամբ, ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ ընկերային-տնտեսական հակաճգնաժամային ծրագիրներու վերաբերող առաջարկներու միացեալ քննարկումները շարունակելու շուրջ: