ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա».- Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայէզի յայտնեց, որ ուրախ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական տագնապին դադրեցման համար` յայտարարելով. «Իրան պատրաստ է օգնելու երկու դրացի երկիրներուն միջեւ տագնապի վերջնական լուծման»:
Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Վայէզի յայտնեց, որ Իրան միշտ նկատած է, որ «երկիրներու, յատկապէս դրացի երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով, եւ որ պատերազմը ոչ մէկ ձեւով կրնայ փոխարինել քաղաքական լուծումները»՝ աւելցնելով. «Ինչպէս ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը, Իրան իր սահմանը կը նկատէ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան սահման, միշտ յարգած է բոլոր երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միւս երկիրներուն կոչ ուղղած է յարգելու իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը»: