ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Տետլայն».- Հայաստան որոշած է այս տարուան շարժապատկերներու «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան միջազգային ֆիլմերու բաժինին ներկայացնել Արման Նշանեանի «Songs of Solomon» ֆիլմը։
Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին առիթով եւ անոր մանկութեան, կեանքին ու արուեստին նուիրուած շարժապատկերին բեմագրութեան հեղինակն է Օտրի Գէորգեան։ Բեմագրութիւնը հիմնուած է Սիրվարդ Կաւուկջեանի «Չերգուած Անցեալը» գործին վրայ։
Կարօ Կաւուկջեան ֆիլմին գործադիր արտադրողն է, իսկ արտադրողներն են՝ Նիք Վայիէլոնկա եւ Ասքօ Յակոբեան:
Ֆիլմին մէջ կարեւոր դերեր ստանձնած են Սամուէլ Թադէւոսեան, Սօս Ջանիբեկեան, Արեւիկ Գէորգեան, Տաթեւ Յովակիմեան, Ժան Նշանեան, Ռուտոլֆ Ղեւոնդեան, Արտաշէս Ալեքսանեան եւ Շաքէ Թուխմանեան: Երգերու ընտրութիւնը, գործիքաւորումը եւ երաժշտութեան յօրինումը կատարած է Անդրանիկ Պէրպէրեան:
«Ասպարէզ»ի մէջ անցեալ տարի լոյս տեսած այս ֆիլմին մասին Րաֆֆի Մելքոնեանի յօդուածը կարդալ http://asbarez.com/arm/357369 կայքէջին վրայ։