ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմին ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
«Հայրենիքին համար արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են: Արդարեւ, մեր ողջ պատմութեան ընթացքին հայը՝ զինուոր թէ շինարար, մտաւորական թէ հոգեւորական, միշտ յանձնառու եղած է իր անձը զոհելու հայրենիքին համար», ըսաւ վեհափառ հայրապետը՝ աւելցնելով. «Արցախի պատերազմը հայրենիքի ու հայու գոյամարտն է: Այս գիտակցութեամբ մեր նահատակները զոհուեցան: Նոյն այս գիտակցութեամբ բոլոր հայորդիները պատրաստ պէտք է ըլլան հայրենիքի ու անոր անկախութեան համար պայքարելու, որովհետեւ հայութեան ու հայրենիքի գոյամարտը կը շարունակուի: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք կրնանք մեզի պարտադրուած բոլոր գոյամարտները յաղթել հաւատքի զօրութեամբ ու ամուր միասնականութեամբ»:
Իր խօսքին աւարտին հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Արցախի պատերազմի վիրաւորներուն եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ սգաւոր բոլոր ընտանիքիներուն: