ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեաններու։
Պուլտուքեան զոյգը սրբազան հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն նորընտիր առաջնորդ սրբազանին՝ Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: