ՄՈՍԿՈՒԱ․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ինք այլ երկիրներու ղեկավարները չի բաժներ լաւերու եւ վատերու, այլ կ՛աշխատի անոնց հետ, Ռուսիոյ համար լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար:
Փութին ըսաւ, որ յաճախ համաձայն չէ Էրտողանի հետ, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարը «իր խօսքին տէրն է եւ իր պոչը չի շարժեր»:
Խօսելով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին` Փութին շեշտեց, որ Ռուսիա չէ միջամտած ամերիկեան ընտրութիւններուն եւ ըսաւ, որ նման պնդումներու նպատակն է վնաս հասցնել Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն:
«Մոսկուան կ՛ենթադրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Փութին՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ Պայտըն լուծէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը: