ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեաններուն, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու առաջնորդ սրբազան հօր:
Այս առիթով, ընդառաջելով առաջնորդին փափաքին, անոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25ամեակին առիթով, 25 հազար տոլար նուիրեցին կաթողիկոսարանին, իսկ առաջնորդ սրբազան հօր ընտրութեան առիթով՝ 10 հազար տոլար Ազգային առաջնորդարանին: