ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները յաւելում կատարեցին 14 Դեկտեմբերին Հայաստան եւ Ատրպէյճան իրենց տուած այցելութեան լոյսին տակ հրապարակած յայտարարութեան` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն եւ կոչ ուղղեցին նուազեցնելու սադրիչ հռետորաբանութիւնը:
«Ընդգծելով վերջին դէպքերուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները, որոնք պատճառած են զոհեր, համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն լրացուցիչ միջոցներու ձեռնարկելու՝ իրավիճակի կայունացման համար` իրենց պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Յղում կատարելով ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 3 Դեկտեմբերի յայտարարութեան, համանախագահները դարձեալ կը հաստատեն իրենց միասնական դիրքորոշումը` ի նպաստ բոլոր մնացած հիմնական հարցերուն համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման: Համանախագահները եւ կողմերը կարեւոր կը նկատեն սադրիչ հռետորաբանութեան նուազեցումը` աւելի դրական մթնոլորտ ստեղծելու համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Համանախագահները կոչ ուղղեցին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ կարելի եղածին չափ արագ աւարտելու բոլոր պահուող անձերու փոխանակումը եւ արագացնելու աճիւններու նոյնականացումը եւ հայրենադարձութիւնը՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին գործակցութեամբ:
«Համանախագահները եւ կողմերը կարեւոր նկատեցին միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ փոխգործակցութիւնը` հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք տուժած բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան համար», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը։