ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Բառ մը որ գազանացաւ:

Ե՞րբ գազանացաւ գայլը: Ինչո՞ւ դադրեցաւ հնազանդ ու բարի ըլլալէ: Չ՞է որ ան անյիշելի ժամանակներուն կը բնակէր մարդու կողքին, կ՛ապրէր նոյն պայմաններուն մէջ, մրցակիցն էր ադամորդիին ու կը կշտանար նոյն որսով: Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ գայլը լեցուեցաւ կատաղութեամբ եւ զայրոյթով ու անոր կէսգիշերային ոռնոցէն սկսանք սարսափելու: Այս հարցումներուն պատասխանը, յարգելի ընթերցող, «գայլ» բառին մէջ թաքնուած է: Այսօր, եկէք լուռ քայլերով, զգօնութեամբ պտըտինք «գայլ» բառի տափաստաններուն, եղէգնուտներուն մէջ – մի՛ վախնաք, այժմ գեղաջեայ մարալէ մը հագեցած` մռափի մէջ է ան – ու հետեւեինք հայկական գրականութեան մէջ անոր թողած ոտնահետքերուն, տեսնելու համար, թէ վերջին 1500 տարիներուն ի՛նչ արահետներէ անցեր է ան:
Բնիկ հայկական է «գայլ»ը: Սերտ ազգակցութիւն ունի յոյներու «լիքոս», լատիններու lupus (ֆր. loup, իտալ. lupa, ռում. lup, սպան. lobo), հիւսիսային ժողովուրդներու vulfs եւ wolf բառերուն հետ: Կը կարծուի, թէ անոր պարզական արմատն էր «ուէլ» (գիշատել), ուստի «գայլ» բառը բուն կը նշանակէ «գիշատիչ»: Առաւելաբար, լեզուագէտները համոզուած են, թէ «աղուէս» բառը սերած է նոյն արմատէն: Այնուհետեւ, մարդու մտածողութեան մէջ «քաջասիրտ» եւ «աներկիւղ» ածականները վերապահուած են գայլին, իսկ «խորամանկ» եւ «նենգ»ը՝ աղուէսին:
400ականներու սկիզբը, երբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ այլ թարգմանիչներ հայկական բառերը գիրի կը վերածէին, «գայլ» գոյականն ալ հանդէս եկաւ իր բնաւորութեան յատուկ արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «գայլ յափշտակող», «գայլ ծարաւի», «ոչխարս ի մէջ գայլոց»: Մարդը գիտէր, թէ գայլը եւ գառնուկը նման չեն իրարու, ինչպէս նոյնը չեն մեղաւորն ու արդարը, եւ այլն: Ահա այդ իմաստուն միտքը ըստ Աստուածաշունչի Ոսկեդարեան թարգմանութեան. «Գայլոյ ընդ գառին զի՞նչ նմանութիւն, սոյնպէս չի՛ք մեղաւորի ընդ արդարոյ: Բորենի ընդ շան զի՞նչ հաւասարութիւն, սոյնպէս չիք խաղաղութիւն աղքատաց ընդ մեծատան»: Մեր ոսկեղնիկը ծանօթ էր նաեւ գայլի տեսակներուն՝ Բեւեռային, Գորշ, Շիկահեր, Կարմիր եւ Բաշաւոր: Հին հայերը այս բառով յօրինեցին արտայայտութիւններ. «Գայլ մատակ», «Կորիւն գայլոյ», «Ցնկնիլ գայլոյ» (ծնանիլ, ձագեր բերել), «Ոռնալ գայլոյ»: Հարաւային կիսագունտի երկնակամարին վրայ նկատեցինք համաստեղութիւն ու զայն անուանեցինք «Գայլ»: Հնարեցինք նաեւ բուսական անուններ. գայլվիզ, գայլուկ, գայլու ականջ, գայլասոխ, գայլասխտոր եւ գայլթաթ:
«Գայլ» բառը դեռ չչարացած՝ եղաւ տեղանուն: Այդ անունով կոչուեցան Հայկական բարձրավանդակի բազմաթիւ լեռներ, գետեր, գիւղեր, նոյնիսկ վանքեր: Յիշեմ անոնք, որոնք այսօր հեռաւոր պատմութիւն ըլլալ կը թուին. «Գայլ»- գետ Եփրատի աւազանին մէջ, սկիզբ կ՛առնէ Սեպուհ լեռնէն, կ՛անցնի Երզնկա քաղաքէն ու կը միանայ մայր գետին. «Գայլ»- մէկ այլ գետ, սկիզբ կ՛առնէ Վարագ լերան ստորոտէն, կը հասնի Վան քաղաք ու կը թափի Վանայ լիճ. «Գալյփոսիկ»- ամառնավայր Կարինի մօտ, Խոտորջրի շրջանը: Այս բառով կազմուած այլ տեղանուններ են Գայլաբլուր, Գայլազօր, Գայլակալ, Գայլակապ, Գայլահովիտ, Գայլաձոր, Գայլասար, Գայլաքար, Քայլգետ (այժմ՝ Kelkit), Գայլգոմ, Գայլիկ: Թէեւ գայլի ոռնոցը նոյնն է ամէն թաւուտքի մէջ, բառը տարբեր հնչեց գաւառէ գաւառ: Ցաւօք սրտի, անոնց ձայնային կենդանի արձանագրութիւնը չեմ կրնար ձեզի մատուցել, քանզի հայկական բարբառներով խօսող արդարները գիշատիչ վոհմակներու զոհ գացին, ուստի գէթ ցոյց տամ գրաւոր արձանագրութիւնը (շնորհիւ Հր. Աճառեանի աշխատանքին): «Գայլ»ը Նոր Նախիջեւանի, Կարնոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ «գալ» էր, Հաճընի, Ալաշկերտի եւ Մշոյ մէջ՝ «գէլ», Համշէնի մէջ՝ «կէլ», Վանայ մէջ՝ «կյէլ», Տիգրանակերտի մէջ՝ «քէլ», Ագուլիսի անտառուտ ձորերուն մէջ՝ «գյիւլ», իսկ Արցախի խոր կիրճերուն եւ կածաններուն մէջ՝ «կիւլ»: «Գայլ»ը, կը հաւատա՞ք, որ օր մը մարդացաւ: Այո, հայոց պատմութեան մէջ «Գայլ» կոչեցինք այն այրերը, որոնք աչքի ինկան իրենց խիզախութեամբ: Պատմական այդ դէմքերէն ամէնէն նշանաւորը Գայլ Վահանն է, 7րդ դարու սպարապետ, որ քաջ դիւանագէտ էր եւ հնարամիտ զինուորական մը, որուն շուրջ ժողովուրդը աւանդազրոյցներ հիւսեց:
Մասամբ գայլ անասունի բնաւորութեան շնորհիւ եւ մասամբ հայու երեւակայութեան, «գայլ» գոյականը ծնունդ տուաւ բազմաթիւ պատկերալից ածական եւ բարդ բառերու: Այդ բառերը մեզի այսօր հնարաւորութիւն կու տան նկարագրելու ահաբեկիչներ եւ անօրէն ասպատակողներ, ինչպէս` գայլաբարոյ, գայլանման, գայլազգի, գայլակերպ, գայլատիպ, գայլ-գազան եւ գայլադէմ, հօտապահ գամբռներ՝ գայլխեղդ եւ գայլախողխող, ու հայրենասէր ազատամարտիկներ՝ գայլասիրտ: Բառը նաեւ պատկերաւոր խօսքի առարկայ է. խիստ հետաքրքրական են «գայլ»ով կազմուած դարձուածքները, ինչպէս՝ «Գայլ դառնալ, կամ կտրել»- կատղիլ, անկուշտ, անհագուրդ դառնալ, «Գայլի ախորժակ»- անհագուրդ ախորժակ, չափազանց շատ ուտելու փափաք, «Գայլի աչք»- երկիւղ ներշնչող բան, «Գայլի աւետարան կամ շարական»- անօգուտ խրատ, «Գայլի գլխին աւետարան կարդալ»- անուղղելի մարդուն խրատներ տալ, «Գայլի բերանն ինկած գառնուկ»- անճարակ, խեղճացած, անօգնական դարձած մարդ, «Գայլի բերան իյնալ»- մեծ փորձանքի հանդիպիլ, «Գայլի սիրտ ուտել»- անվախ դառնալ, «Հին գայլ»- շատ փորձառու, խորամանկ մարդ, «Երկոտանի գայլ»- յափշտակիչ մարդ: Իսկ երբ շահամոլ մարդը յարմար ժամուն կը սպասէ իր նպատակը իրագործելու համար, կ՛ըսենք՝ «Գայլը ամպ օր կ՛ուզէ, գողը մութ գիշեր»:
Կը յիշէ՞ք 7րդ դարը, որ Գայլ Վահանին ծնունդ տուաւ, ահա այդ օրերուն է, երբ հայ մատենագիրները «գայլ» բառը, հարկադրուած, անբարոյ եւ անարդար ահաբեկող ասպատակողներ նկարագրելու համար գործածեցին: Միջնադարու հայը «գայլ» բառով կը հասկնար հարաւի եւ արեւելքի ազգերը ու կը սարսափէր: Այդ շրջանի գրականութեան մէջ յիշուած են գայլի բերան ինկած Հայաստանի արհաւիրքները եւ արիւնահոսութիւնները: Անոնց հետքերը անջնջելի կը մնան «գայլ»ով ստեղծուած բառապաշարին մէջ… գայլաբարոյ, գայլանման, գայլազգի, գայլակերպ, գայլատիպ, գայլ-գազան, գայլադէմ: Ահա թէ ինչու 11րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին գրի առաւ հետեւեալ նկարագրութիւնը. «Ըստ նմանութեան դիւաց գիշերամարտից / Եւ մեկնակազէն բարբարոս գնդից խաւարասիրաց, / Եւ գազանութեամբ քանասար գայլոց արաբացւոց» (քանասար- [հին բանաստեղծական] գիշատիչ, գազան): Թողահար գրիչներու արձանագրած այլ տողիկներ են. «Գայլք արաբացւոց», «Ի սեւադէմ եւ ՛ի գայլակերպ գազանաձեւ ազգաց», «Դատաւորք գայլացեալք եւ գազանացեալք», «Ի ձեռս այլազգեացն գայլապատառ կորնչել»:
Պետրոս Դուրեանը ուզեց, որ Խրիմեան Հայրիկը իր հովուական ցուպը ցոյց տայ նենգ գայլերուն, որպէսզի ազգը ազատ քայլ առնէ. «Փութա՛, հովուապետ… / Փարատի՛ սեւ ամպ, փայլի՛ արդ արեւ / Արդարեւ, / Փողփողի՛ն դաշտեր, ազատ առնե՛նք քայլ, / Առ նենգ գայլ / Ցցո՛ւր ցուպդ»: Բառը, ինչո՞ւ զարմանալ, նաեւ անէծք դարձաւ: Ահա միջնադարեան երկու մէջբերումներ. «Ով որ սիրոյ տէր մարդուն չողորմի՝ թող զինքն մեռնի, / Աղուէսն իւր լալկան լինի, գայլ ու ագռաւն` իւր հաբեղանի» (անյայտ գրող), «Արաբացի գայլ նմանիս… / Քո բերնին փրփուրն անիծած» Մարտիրոս Ղրիմեցի։
Այսօր, յարգելի ընթերցող, յարմար կը տեսնեմ յօդուածս աւարտել գայլերուն զոհ դարձած մէկ այլ արդարի` Ռուբէն Սեւակի քառատող խրատականով մը.
«Որովհետեւ դեռ հեռո՜ւ է օրն այն,
Երբ գայլ ու գառնուկ սիրո՜վ կ՚արածին…։
Թէ ապրիլ կ՛ուզէ գառնը նորածին՝
Պէտք էր իր ակռան սրէ լռելեայն…»։