ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի վարած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղաւ Ատրպէյճանէն վերադարձնել գերի առնուած երկու քաղաքացիներ։ Լուրը հաղորդեց ռուս խաղաղապահներու ռուսական խաղաղապահ ուժերու «Թելեկրամ» ալիքը:
Վերադարձուած քաղաքացիները՝ Համբարձումեան Ատեմնիկ եւ Խաչատուրեան Ռամիդ Ասկերանի Խրամորտ գիւղի բնակիչներ են. անոնք անհետացած էին 30 Նոյեմբերին. 4 Դեկտեմբերին արդէն անոնք տարուեցան Երեւան եւ յանձնուեցան Հայաստանի սահմանապահ ծառայութեան։
Ռուսական կողմին խնդրանքով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները յայտնած էին, որ վերոյիշեալ անձերը ձերբակալուած էին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ եւ տեղափոխուած Պաքու:
Միւս կողմէ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնեց, որ զոհուած զինուորներու մարմիններու որոնման աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ցարդ շուրջ 693 հայ զինուորական ծառայողներու մարմիններ արդէն յայտնաբերուած են։ Այս առնչութեամբ շարունակուող աշխատանքներուն միացած են ոստիկանական եւ պաշտպանութեան բանակի ջոկատները:
Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի սպայ Յունան Թադեւոսեան յայտնեց, որ դիակներու փոխանակում պարբերաբար կը կատարուի, սակայն յստակ է, որ ատրպէյճանական կողմին հետ դժուար է բանակցիլը, փոխանակման գործընթացը անոր կողմէ կը ձգձգուի, աշխատանքները կը խոչընդոտուին, համաձայնութիւններ կը կայացուին, բայց չեն գործադրուիր։
Ըստ անոր` Զանգելանի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայելի եւ Հադրութէն հարաւ գտնուող հատուածներուն մէջ փրկարարները որոնողական աշխատանքներ չեն կատարեր, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը գերիներու ցանկերը փոխանցած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին: