ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց։ Այս տեղեկութիւնը լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց մարզպետի խորհրդական Արմինէ Աւագեան:
Պօղոսեան Սիւնիքի մարզպետ նշանակուած էր 16 Հոկտեմբեր 2018ին: Ան այդ պաշտօնին նշանակուելէ առաջ եղած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալը: