ՍՈԽՈՒՄ, «Ի. Էյ. Տէյլի».- Շատ դժուար է ինքնահաստատուիլ համաշխարհային մակարդակով, առանց բարեկամ ուժեղ պետութեան աջակցութեան, յայտարարեց Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Պժանիա, մեկնաբանելով Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:
«Լաւ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայ այդպիսի հզօր զսպող գործօն, ինչպիսին Ռուսիան է», ըսաւ Պժանիա:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ դասեր կրնայ քաղել Աբխազիան Արցախի իրադարձութիւններէն, ան նախ նշեց, որ վիշտը մտած է հազարաւոր ընտանիքներ, ապա հարցուց. «Ի՞նչ միջոցներով կրնանք ապահովել խաղաղութիւնը»:
«Մենք Վրաստանի հետ կարեւոր չլուծուած խնդիր ունինք: Ղարաբաղեան իրադարձութիւններու լոյսին տակ ակնյայտ է, որ Աբխազիոյ շահերուն ապահովման համար կարեւոր է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդումը: Անհրաժեշտ է առաւելագոյնս ամբողջացնել մեր երկկողմանի համագործակցութիւնը, եթէ կ՛ուզենք յառաջընթաց արձանագրել», նշած է Աբխազիոյ նախագահը:
Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն ցաւալի փաստին վրայ, որ աշխարհի վրայ զինուորական բախումներու թիւը կ՛աճի, պատերազմ վարելու բնոյթը կը փոխուի, իսկ զինեալ ուժերու սպառազինական յագեցուածութիւնը գերակայ նշանակութիւն ձեռք կը բերէ: