ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեր սիրելի ժողովուրդին կը տեղեկացնենք թէ, Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած անսպասելի հսկայական պայթումին հետեւանքով, Ազգային առաջնորդարանը եւ պետական ներկայացուցչին գրասենեակը միասնաբար դրամահաւաքի կոչ մը հրապարակած էին «Լիբանանի Հայութեան Օգնութեան Համար», որուն անմիջապէս ընդառաջած էր Կիպրահայ գաղութը:
Ինչպէս օրին յայտարարուած էր՝ գումարը պիտի յատկացուէր անհրաժեշտ սննդեղէն ուղարկելու կարիքաւոր ընտանիքներուն: Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան անձամբ այցելած էին «Միտցիտիս» հաստատութիւնը, հանդիպում ունեցած սեփականատիրոջ հետ, ապա ականատես եղած էին հաւաքուած գումարով բեռցուած ուտեստեղէններուն, որոնք մասնաւոր տուփերու եւ կազմերու մէջ զետեղուած էին (7000 տոպրակ ալիւր, 9600 ծրար մաքարոն, 2400 տոպրակ ձաւար, 3168 տոպրակ բրինձ եւ 1080 տուփ փոշի կաթ): Օրինական թուղթերը պատրաստուելէ ետք container-ը Լիմասոլի նաւահանգիստէն (օրին` այլ ճանապարհ չկար), ճամբայ ելած էր դէպի «Բիրէա» (Յունաստան), Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), ապա Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ուղղակի պիտի յանձնուէր Պուրճ Համմուտի Ազգային առաջնորդարան՝ առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, որպէսզի պարտն ու պատշաճը կատարէ:
Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք, Լիբանանի առաջնորդ Շահէ սրբազանը հեռաձայնային կապով տեղեակ պահեց կաթողիկոսական փոխանորդը, թէ դժբախտաբար Լիբանանի մաքսատան երկար քննութիւններուն, հետախուզութիւններուն եւ ապրանքը դուրս բերելու հարցին բաւական դժուարացումէն ետք, վերջապէս նոր կրցած են առաքուած օգնութիւնը ստանալ եւ արդէն պարպումի աշխատանքները կը շարունակուին զետեղուելով Միացեալ վարժարանին մէջ, ուրկէ Ազգային առաջնորդարանի հսկողութեամբ պիտի կատարուի բաշխումը եւ պարտն ու պատշաճը կարիքաւոր ընտանիքներու: Սրբազանը իր կարգին տեղեակ պահեց պետական ներկայացուցիչը փոխանցուած լուրին մասին:
Այս առիթով պարտ կ՛ըզգանք անգամ մը եւս մեր ջերմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց՝ «Միտցիտիս» հաստատութեան, պետական ներկայացուցիչին, Ազգային վարչութեան, կազմակերպութիւններուն, բարեսիրական միութիւններուն եւ յատկապէս կիպրահայութեան, որոնք նիւթաբարոյական իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերին սատար կանգնելու համար լիբանանահայութեան:
Վարձքը կատար անխտիր բոլորին:
ԴԻՒԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ