ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսան ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան տագնապէն տուժած հայ բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այս մասին յայտնեցին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւնները կը հրաւիրեն միանալու այս նախաձեռնութեան` իրենց ներդրումը բերելով հիմնադրամին, որ պիտի նպաստէ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ նախատեսուած միջոցառումներուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: