Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 Նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Արդարեւ, Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին՝ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Արցախի բոլոր հերոս նահատակներու հոգիներուն համար:
Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքը դիմեց կաթողիկոսին, որպէսզի այս առիթով ան փոխանցէ իր մտածումները մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Հայրապետը ըսաւ. «Հայրենիքին համար արիւն թափողները նահատակներ են, որոնք կը դառնան յաւերժական ներկայութիւն ու պատգամ ժողովուրդի կեանքէն ներս»՝ աւելցնելով. «Այսօր մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս աղօթեցինք մեր հերոս զինուորներու հոգիներուն համար, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան ճանապարհին վրայ: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայուն նուիրական պարտքն է ու պատիւը եւ հայրենիքին պաշտպանութեան համար իր անձը ընծայաբերողը նահատակ է ու հերոս: Ազգերը մեծ են ոչ թէ իրենց քանակով, այլ իրենց հերոսներով ու անմահներով, որոնք իրենց արեան վկայութեամբ ազգերը վեր կը պահեն ժամանակի ժանգէն ու գերեզմանէն եւ զանոնք կը շաղախեն անմահութեամբ: Այսպէ՛ս եղաւ մեր փոքր ածուն: Պատմութեան խաւարին մէջ ան մնաց լուսապայծառ՝ շնորհիւ իր հերոսներուն: Հերոսները ազգերու խաւար երկինքը պայծառացնող աստղեր են, որոնցմէ ճառագայթող լոյսով ազգերը կը քալեն դէպի լուսաշող ապագայ»:
Իր խօսքի աւարտին, հայրապետը լուսարձակի տակ առնելով մեր ազգին ալեկոծ, սակայն յաղթանակներով լեցուն պատմութիւնը՝ ըսաւ. «Այսպէ՛ս եղան մեր հերոսներն ու անմահները վէրքով ու հալածանքով լի հայոց դարաւոր պատմութեան ընթացքին: Այսպէ՛ս պիտի ըլլան նաեւ Արցախի սրբազան հողին վրայ յանուն հայրենիքի կռուած ու նահատակուած մեր հերոս զինուորները: Մեր ազգը իր հերոսներու հաւատքով ու քաջութեամբ յաղթական է, իր հերոսներով հզօր է, իր հերոսներով անմահ է. մեր ազգը նոյնիսկ ժամանակաւոր պարտութիւնը պիտի վերածէ մնայուն յաղթանակի»:
Յայտնենք, որ հետեւելով Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: