ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անհետ կորսուած համարուող անձերուն ցանկը ունի նուազելու միտում: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան`պատասխանելով «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Նազելի Բաղդասարեանի հարցումին:
Պատգամաւորը հետաքրքրուեցաւ անհետ կորսուածներով եւ անոնց ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներով: Ըստ Բաղդասարեանի՝ փոխհատուցում ստանալու համար համապատասխան հիմնադրամի շահառու դառնալու գործընթացը բաւական երկարատեւ է` այդ անձերուն անհետ կորսուած ճանչնալուն պատճառաւ։
Դաւիթ Տօնոյեան յիշեցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ստեղծուած է յանձնաժողով, որ շատ սերտօրէն կ՛աշխատի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ կազմին հետ: «Լայնածաւալ աշխատանքներ են կատարւում նաեւ ճշգրտման առումով: Անյայտ կորածների ցուցակն այս պահին ունի նուազման միտում, քանի որ ճշգրտումների արդիւնքում պարզւում է, որ այդ ցուցակներում յայտնւում են բաւականին շատ մարդիկ, որոնք ողջ -առողջ են, ուղղակի հաշուառման առումով սխալ է եղել», յայտնեց նախարարը:
Անդրադառնալով անհետ կորսուածներուն ընտանիքներուն տրամադրուող ընկերային երաշխիքներուն՝ Տօնոյեան յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, սակայն պիտի կատարուին նաեւ որոշ ուղղումներ։