ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Ինձ համար զինուորականութիւնը պատուի խնդիր է»: Ահա այս նշանաբանով ապրեցաւ եւ նահատակուեցաւ Արտակը՝ հայկական բանակի հազարաւոր հերոսներէն մէկը: Իսկ անոր այրին, ամուսնոյն պարգեւատրուած յետ մահու «Մարտական ծառայութիւն» մետալը ստանալու ատեն մամուլին ըսաւ. «Ուրիշ այլ հարց ինքը իր առջեւ չէր դրել. Պատիւ եւ Հայրենիք: Նա ամէն ինչ արեց՝ մինչեւ վերջ բարձր պահելու իր համար այնքան թանկ պատիւը»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ ամէն հայրենանուէր հայորդի, ըլլայ՛ զինուորական, թէ աշխարհային, պատիւով կը կատարէ տեղի եւ ժամանակի հրամայականը, պատիւը ունիմ խօսելու «պատիւ» բառին մասին ու ձեզի ներկայացնելու, թէ անիկա ի՛նչ պատուաբեր էջեր պարգեւած է հայոց լեզուին եւ գրականութեան պատմութեան:
Մեր ամէնէն հին գոյականներէն մէկն է «պատիւ»ը: Հայոց նախնիները, որոնք շատ պատիւներ առեր են ու տուեր են, մեզի աւանդեր են «պատիւ» բառին հարուստ եւ նախնաձելի գանձ մը:
Յօդուածիս մէջ այդ գոհարներուն զուգահեր պիտի մէջբերեմ նաեւ հայ զինուորին, կամաւորին եւ հրամանատարին համար արտասանուած պատուաբեր խօսքեր:
Հայկական գրականութեան ոսկեդարուն ունէինք «պատիւ» երկվանկը՝ «շուք ներքին եւ արտաքին, փառք, փառաւորութիւն, պարծանք. շնորհ, յարգանք»: 19րդ դարու ականաւոր բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Ծատուրեան «Պատիւ» քերթուածին մէջ չորս տողով պատասխանեց այն հին հարցումին, թէ պատի՞ւն է աւելի կարեւոր, թէ՝ անձը. «Ասում են, մարդս պէտք է իր անձից / Միշտ բարձր դասի պատիւն անարատ, / Եւ ով զրկուած է այդ անգին գանձից, / Նա՛ է կեանքի մէջ ամէնից աղքատ»:
Բառը ժամանակի ընթացքին ունեցաւ իմաստի զարգացում, դարձաւ՝ բարձ (ուր իշխանները կը նստէին ըստ աստիճանի), աթոռ, տաճարին տրուած ընծայ, պարգեւ, ճաշկերոյթ կամ հիւրասիրութիւն, իբրեւ շնորհակալութիւն, եւ վերջապէս՝ աղջկայ կուսութիւն: Իսկ եթէ յիշենք, թէ հնագոյն ժամանակներուն իշխանական պսակը եւ պատիւի զարդը կը կոչուէին «պատիւ», այն ժամանակ հասկնալի կը դառնայ «Կապէր զպատիւ վարսին» արտայայութիւնը:
Յարգելի ընթերցող, քիչ ետք պիտի տեսնենք 5րդ դարէն մինչեւ 10րդ դար «պատիւ» բառին առած ձեւերը, սակայն, այժմ ձեզի ներկայացնեմ ժամանակակից մամուլէն պատուաբեր պատառիկներ. «Սիսիանում նորածին տղային անուանակոչել են ի պատիւ այս օրերին առաջնագծում զոհուած համաքաղաքացու զինծառայողին», «Փառք ու պատիւ ձեզ, որ բարձր էք պահում մեր հողի ու հայ զինուորի պատիւը», «Փառք ու պատիւ ամէն օր խաղաղութիւն պարտադրող հայ զինուորին ու սպային»: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին:
«Պատիւ»ը Ե. դարուն դարձաւ «պատուական», այսինքն՝ պատուոյ արժանի: Այս իմաստով է, որ Եղիշէ պատմիչը գործածեց զայն. «Պատուական զինուորութիւնն հասանէր ՛ի չարաշուք անարգութիւն»:
Ժամանակի ընթացքին այս ածականը նիւթականացաւ, այսինքն նշանակեց՝ մեծագին, սակաւագիւտ, գինով մեծածախս: Այնուհետեւ հայ վաճառականները եւ ոսկերիչները առատօրէն սկսան գործածել շլացուցիչ նկարագրութիւններ, ինչպէս՝ «պատուական մարգարիտ», «անօթ պատուական», ապա եկան այլ բառեր: Ազնուականները, իշխանաւորները եւ մեծամեծները կոչեցինք «պատուականք», պատիւ ունեցողները՝ «պատուակալ», փառասէր եւ ամբարհաւաճները՝ պատուասէր, առաւել ազնուականները կամ մեծագին առարկաները՝ «պատուականագոյն»: Իսկ երբ պէտք եղաւ աթոռի ոտնատեղիի մասին խօսիլ, որ կը դնէին բարձրութեան աստիճանի ի պատիւ՝ շինեցինք «պատուանդան» բառը: Յարգելի ընթերցող, կարելի՞ է երկիրը գործածել իբրեւ պատուանդան, որպէսզի մէկը հասնի երկնաւոր կեանքին, կամ մարդ մը կրնա՞յ պատուանդան ըլլալ ուրիշի համար: Ահա այդ միտքերը կը գտնենք հետեւեալ երկու նախադասութիւններուն մէջ. «Երկինք աթոռ իմ են, եւ երկիրս պատուանդան ոտից իմոց», «Ընդէ՛ր խափանիցէ զանձն լինել պատուանդան ընդ ոտիւք այլոց»: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին:
Բառը շարունակեց զարգանալ: 6րդ դարուն յայտնուեցան «պատուակից» եւ «պատուասիրական» բառերը, 8րդ դարուն՝ «պատուասիրել» բայը, իսկ 10րդ դարուն՝ «պատուամատոյց» եւ «պատուապարգեւ» բառերը: Հետաքրքրական է, թէ 9րդ դարուն անիկա նաեւ դարձաւ իւրայատուկ կետադրական նշան՝ «Պատիւ»: Մատենագիրները զայն կը գործածէին համառօտագրելու համար եօթը բառեր, որոնք տէրունական էին. Աստուած (ԱԾ), Յիսուս (ՅՍ), Քրիստոս (ՔՍ), Տէր (ՏՐ), Սուրբ (ՍԲ), Իսրայէլ կամ Իսրաէղ (ԻԷՂ) եւ Երուսաղէմ (ԵՂՄ): Այս համառօտագրուած բառերուն վրայ կը դրուէր «պատիւ» նշանը, քանզի մեր գրիչները եւ ծաղկողները իրենց արժանի չէին համարեր զանոնք լրիւ գրելու: Իսկ այժմ մեր առօրեայ զրոյցները հարուստ են «պատիւ» վայելող բազմաթիւ դարձուածքներով, ինչպէս՝ պատիւ առնել, պատիւ տալ, պատիւ ունենալ, պատիւը ծախսել, պատիւը ոտնատակ ընել, պատիւը պահել, պատիւը ցեխին խառնել, բռնել պատոիւի՝ զինուորական պատիւի կեցուածք ընդունիլ, զգաստ կանգնիլ եւ ձեռքը գլխուն մօտեցնել, պատիւի գինով, պատիւին հետ խաղալ, պատիւի զգացում, պատիւին դպչիլ, դուրս գալ պատիւով՝ բան մը յաջողութեամբ կատարել, գլուխ բերել, պարզերես դուրս գալ:
Մերօրեայ բառարանները այսօր կը պարունակեն «պատիւ»ով կազմուած շուրջ 75 բառեր: Այդ բառերուն շնորհիւ է, որ յաջողակ հայը կը ստանայ «պատուագիր», որդին կ՛ըլլայ «պատուաբեր», հերոսը կը ստանայ «պատուախաչ», բծախնդիր սպան կ՛ըլլայ «պատուախնդիր», տուն վերադարձող մարտիկին ի պատիւ «պատուաճաշ» կու տան, իսկ երբեմն մուրացկաններն ալ կ՛ըլլան «մեծապատիւ»…
Հայկական մամուլը կը շարունակէ արձագանգել. «Զոհեր չունենք, ունենք հերոսացած ու պատուով կեանք տուած տղերք», «Իւրաքանչիւր զինուոր պատուով է կրում մարտական հերթապահութիւնը»: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին:
Ուշ միջնադարուն, երբ բացակայ էր հայկական պետականութիւնը, բառը զրկուեցաւ իր զինուորական պարունակէն, պահեց սոսկ կրօնական եւ բարոյական գործածութիւնը: Այդ օրերուն, Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի պատուեց Մարիամ Աստուածածինը. «Ցո՛յց ճանապարհ կենաց, մայր ճշմարտագոյն… / Որոյ պատիւ եւ փառք անսպառագոյն»: Տաղասաց Սուքիասը խրատեց, որ մարդը չփարի մարմնական պատիւին, «Թէ ի մարմնոյ պատիւ հայիս, / Նանրականօք յերակ (միշտ) խաբիս»: Իսկ աշխարհիկ գրիչները պատուեցին գեղեցիկը ու գեղեցկուհին ստեղծողին, եւ բառը իր կեանքի մէջ առաջին անգամ դարձաւ… քնարական: Ահա սրտագրաւ փունջ մը. «Փառք ու պատիւ քո ստեղծողին… Նազլու, ո՞ր մայր է զքեզ բերեր», Խեւ Կաֆացի, «Փառք ու պատիւ ասեմ ես քո արարչին», Քոսայ Երէց, «Ա՜յ իմ մարգրտէ շարոց, ոսկեթել ծածկոցդ ի վերայ, / Զքո հայրն պատիւ ձենեմ, քեզ ինձի կ՚ուզեմ` թէ կու տայ», Նահապետ Քուչակ, «Փառք եւ պատիւ եւ գոհութիւն. / Ա՛յ լից ու տուց, ա՛յ լից ու տուր / Զանուշ գինին անապական», Աստուածատուր, «Ամենայն արարածոց / Փառք եւ պատիւ ես դու, Ստըմպոլ», Առաքել Բաղիշեցի, «Չար թշնամին թող վերանայ, / Պատիւ հայոցս մեծանայ», Մարտիրոս Խարասարցի: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին:
«Պատիւ» բառը պատիւ բերաւ նաեւ հայկական գրատպութեան: Սկսելով 1802 թուականէն, անիկա յաճախ յայտնուեցաւ իբրեւ գիրքի վերնագիր. «Համառօտ Կրթութիւն Վասն Մանկանց՝ Ի Պատիւ Օրհնաբանեալ Կուսին», «Ներբողեան Ի Պատիւ Ս. Հոգւոյն», «Ի Պատիւ Անարատ Յղութեան», «Ներբող Ի Պատիւ Անուան Ամէնօրհնեալ Կուսին Մարիամու», «Ի Պատիւ Հայ Թատրոնի Ութսունամեակին», «Ի Պատիւ Հայ Գրոց Գիւտի 1500ամեակին Եւ Տպագրութեան 400ամեակին», «Յոբելինական Նուագահանդէս Ի Պատիւ Ա. Շահ-Մուրատեան»ի:
Հետաքրքրական են նաեւ հնատիպ երկարաշունչ խորագիրներու մէջ գործածուած արտայայտութիւնները. «Ի պատիւ ազգիս Հայոց», «Ի պատիւ վսեմափառութեան…», «Ի պատիւ կառուցուելիք…»: Բառը նաեւ բեմական յայտնի գործի անուն դարձաւ: 1904 թուականին Շիրվանզատէի գրի առած եւ նոյն տարին հայաշատ Պաքու քաղաքի թատերասէր ժողովուրդին համար բեմադրուած «Պատուի Համար» թատերախաղն էր անիկա: 1905ին, Պոլսոյ մէջ Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Ռեթէոս Պէրպէրեան ամավերջի հանդէսին իր ընթացաւարտներուն տուաւ հետեւեալ պատգամը. «Հաւատարիմ մնալու համար Պատուոյն, որպէսզի ո՛չ մէկու մ՛առջեւ ամօթով կարմրի, ո՛չ մէկու մ՛առջեւ ստիպուի իր ճակատը խոնարհել ակնկոր- ահա՛ պատուաւոր մարդը… Անգամ մ՛իր պատիւը կորուսանելէ յետոյ՝ ո՜րքան դժուարին է վերստանալ զայն… Բուն պատիւը, ճշմարիտ պատիւը չի կրնար երբեք հաշտ ըլլալ այնպիսի արարքներու հետ, զորս կը դատապարտէ բարոյականը»:
Իսկ վերջապէս ձեզի ներկայացնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան «Զինուած ոյժերու սպայի պատուի կանոնները հաստատելու մասին» օրէնքէն յօդուած մը. «Հրամանատարը պէտք է մշտապէս դրական օրինակ ծառայի ենթակայ անձնակազմին, բարձրացնի վերջիններիս մէջ պատուի եւ զինուորական պարտքի գիտակցումը»: Ըստ նոյն օրէնքին՝ այն զինծառայողը, որ արժանի է խրախուսանքի, անունը, հօր անունը եւ մականունը կը գրեն զօրամասի «Պատուոյ գիրք»ին մէջ:
Փառք ու պատիւ հայ զինուորին: