ԱՆԳԱՐԱ․- «Ահվալ»ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա դատապարտեց թրքական «Գորշ Գայլեր» ծայրայեղական շարժումը արգիլելու Ֆրանսայի որոշումը` յայտարարելով, որ այդ քայլը խմբաւորման մասնակցողներու ազատութիւններու խախտում մըն է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ֆրանսա «ամբողջութեամբ հայկական շրջանակներու պատանդը դարձած է» եւ սպառնաց, թէ «վճռական» պատասխան պիտի տայ այդ քայլին: