ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաաս ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին միտքեր փոխանակեցին նաեւ Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարաութեան մամլոյ ծառայութեան՝ կողմերը ընդգծեցին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն 10 Հոկտեմբերի յայտարարութեան մէջ ներառուած պայմանաւորուածութիւններու անյապաղ կատարման անհրաժեշտութիւնը: