ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 30 Հոկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցաւ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթըր Մաուրերի հետ։ Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածիր յարձակումին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը:
Զօհրապ Մնացականեան Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ռազմական յանցագործութիւններուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Փեթըր Մաուրերի:
Նախարարը իր զրուցակիցին ծանօթացուց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ենթակառուցուածքները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դաչձնելու երեւոյթը եւ անոր անոր պատճառաւ արձանագրուած վնասներու, միջազգային ուխտերով արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, իր իսկ վերահսկողութեան տակ յայտնուած Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան, ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու փաստերը:
Անդրադարձ կատարելով Թուրքիոյ` Հարաւային Կովկասի մէջ ապակայունացնող քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանը ահաբեկչութեան օճախ դարձնելու նկրտումներուն` արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին Թուրքիոյ անմիջական ռազմական մասնակցութիւնը եւ Միջին Արեւելքէն օտար զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծումը լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան:
Կողմերը ընդգծեցին կրակի անյապաղ դադրեցման վերաբերեալ 10-17 եւ 25 Հոկտեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւնը խաղաղ ուղիով՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու մէջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
ԿԽՄԿ նախագահը կարեւոր նկատեց կրակի դադրեցման շուրջ համաձայնութիւնը կեանքի կոչելը եւ զոհուածներու մարմիններու հաւաքագրման ու փոխանակման պայմանաւորուածութիւնը կատարելուն ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը: