Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերն, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած պետական երեսփոխաններէ եւ նախկին նախարարներէ:
Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր յանուն տոքթ. Սամիր Ժահժահի եւ Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնել հայութեան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին առիթով:
Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն բացատրեց Արցախի պատմութիւնը՝ շեշտելով, թէ Արցախը երբե՛ք Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած, ինքնավար եղած է եւ անոր հարցին մնայուն լուծման միակ միջոցը միաջազգին ճանաչումն է: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա ժխտական դեր կը կատարէ թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքական իմաստով՝ նեցուկ կանգնելով Ատրպէյճանին եւ այդ ճամբով կը ձգտի իր ներկայութիւնը հաստատել Կովկասի մէջ: