ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Արհեստագիտական աշխարհին յայտնի TechCrunch թերթը անդրադարձաւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն հայերու` SpaceX-ին ուղղուած նամակներու արշաւին, որ կոչ կ՛ընէ ընկերութեան՝ չեղեալ յայտարարելու Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կնքած գործարքը:
Նամակներ ուղարկողները կը նշեն, որ իրենք աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուցիչ են կամ կանգնած են հայերու կողքին, որոնք տուժած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բռնատիրական կառավարման եւ տարածաշրջանին մէջ ունեցած վնասակար ազդեցութեան պատճառով:
SpaceX-ը կը նախատեսէ յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին գործարկել թրքական Turksat-5A արբանեակը, որ պիտի աշխատի Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի համար:
Նամակներուն մէջ կ՛ըսուի, որ շատ մը երկիրներ եւ կառավարութիւններ դատապարտած են Թուրքիոյ դիրքը, եւ կարգ մը ընկերութիւններ դադրեցուցած են գործարքները Թուրքիոյ կառավարութեան հետ: