ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 14 Հոկտեմբերին, պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Թրամփի վարչակազմը ի՞նչ քայլերու դիմած է Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ բախումներուն գծով՝ ըսաւ. «Այսօր խօսեցայ նախագահ Թրամփի հետ եւ կը հետեւինք տեղւոյն իրադարձութիւններուն: Մենք միացած ենք մեր եւրոպացի գործընկերներուն եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու՝ ըսելով, որ հրադադարը պետք է ըլլայ հարցին լուծման սկիզբը: Մենք կը հետեւինք նաեւ քաղաքացիական զոհերու մասին տեղեկութիւններուն: Կը հետեւինք Թուրքիոյ, որ կը զինէ Ատրպէյճանը: Մենք դիմած ենք միջազգային բոլոր խաղացողներուն այն հարցով, որ չմիջամտեն շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին։ Մենք կ՛օգտագործենք մեր դիւանագիտական ջանքերը՝ հրադադարի հասնելու եւ հասնելու համար լուծումի, որ հիմնուած պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ: Մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք անոր: Կը կարծեմ, որ մինչեւ այսօր մեր ներդրած ջանքերը առիթ պիտի տան, որ այդ բոլորը տեղի ունենան»:
Մէկ օր առաջ, Փոմփէօ դարձեալ Արցախի մէջ զինադադարը յարգելու կոչ ըրաւ: Ան «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական կայքէջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ընէ Ատրպէճանին եւ Հայաստանին՝ կատարելու հրադադարի իրենց յանձնառութիւնը եւ դադրեցնելու քաղաքացիական տարածքներու, ինչպէս՝ Գանձակի ու Ստեփանակերտի, ռմբակոծումը: Կը ցաւինք մարդկային կեանքի կորստներուն համար եւ հաւատարիմ կը մնանք տագնապին խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն»: