ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէիn կազմակերպութեամբ, մոմավարութիւն մը տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Արցախի դէմ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակման հետեւանքով զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Մոմավառութեան կողքին, արտասանուեցան խօսքեր եւ եղան հայրենասիրական երգերու կատարումներ:
Մոմավառութիւնը կարելի է դիտել www.arfd.am/news/31120/ կայքէջին վրայ։