ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 5 Հոկտեմբերի կանուխ առաւօտէն, Ատրպէյճան սկսաւ յարձակողական գործողութիւններու Արցախի հարաւային ուղղութեամբ, զուգահեռ հրթիռային հարուածներ տալով Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին։ Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Ըստ անոր՝ գիշերը համեմատաբար հանգիստ եղած էր, սակայն առաւօտեան մարտական գործողութիւնները սկսան սաստկանալ, իսկ մայրաքաղաքը թիրախ դարձաւ «Սմերչ», «Փոլոնեզ» եւ «Քասիրկա» համակարգերէ։
Օրուան ընթացքին ընթացան յամառ մարտեր, կասեցուեցաւ թշնամիի զօրքերուն յառաջխաղացքը։ Ան հաստատեց, որ շարունակուող մարտերուն ընթացքին հակառակորդը մեծ կորուստներով ետ շպրտուեցաւ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամէնէն բարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ կիրարկած է մարտավարական հնարքներ՝ ծուղակը ձգելով հակառակորդը եւ ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը:
Մասնաւորապէս, հայկական կողմը ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի տպաւորութիւն, որմէ ետք, հակառակորդը, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն թողած դիրքերը, յայտնուած է ծուղակի մէջ։ Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածին իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանման մեծ մասը։ Մարտադաշտին մէջ ձգելով առաւել քան 200 սպաննուած զինուորներ՝ հակառակորդը անկանոն կերպով դիմած է փախուստի։
Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Ատրպէյճանի տարածքը ռմբակոծուած է Հայաստանի տարածքէն՝ Յովհաննիսեան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնները «սադրանքի հող նախապատրաստող յայտարարութիւններ են»։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը թիրախ դառցուց Ատրպէյճանի բացառապէս ռազմական կառոյցներ, մինչ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը լծուած են Արցախի բնակավայրերու հաւաքական հրթիռակոծութեան: «Արցախի պաշտպանութեան բանակը համապատասխան պատասխան է տալիս Ադրբեջանի գործողութիւններին՝ թիրախաւորելով բացառապէս ռազմական թիրախները: Այս առումով ապատեղեկատուութիւն են բոլոր մեղադրանքները, որոնք ուղղուած են հայկական կողմին», յայտնեց Յովհաննիսեան: