ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- 5 Հոկտեմբերին, Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւոր բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն 48 պատգամաւորներ նամակ մը յղեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին՝ խիստ զայրոյթ յայտնելով Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի ռազմական բռնարարքներուն վերաբերեալ: Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները կոչ ըրին՝ յստակ քայլեր ձեռնարկելու այս ուղղութեամբ:
Նամակը նախաձեռնած է կիպրացի պատգամաւոր եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բարեկամութեան խմբակի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ Պաքու 27 Սեպտեմբերէն ի վեր կը յարձակի Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ, կոպտօրէն խախտելով միջազգային տարրական իրաւունքները եւ վնաս հասցնելով խաղաղութեան գործընթացին:
Անոր մէջ նաեւ պահանջ կայ՝ ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ, դադրեցնելու համար անոր կողմէ հակամարտութեան որեւէ միջամութիւն եւ յիշեցումներ կը կատարուին վերջինիս ապակայունացնող դերին մասին: Պատգամաւորները կը շեշտեն ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին առաջարկած հրադադարի խախտման հետաքննական համակարգի տեղադրման անհաժեշտութիւնը:
Մեկնաբանելով Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու այս նախաձեռնութեան՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այլեւս հատած են կարմիր գիծը: Այսօր եւրոպական քաղաքական շրջանականերուն մէջ սկսած են հասկնալ, թէ Ալիեւի վարչակազմը ինչի ունակ է: Ատրպէյճան երկիր մըն է, որ սկսած է յարաբերիլ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչութեան հետ: Ալիեւ-Էրտողան բռնապետական դաւը դատապարտուած է ձախողութեան, որովհետեւ անիկա կը մարմնաւորէ ատելութիւն՝ թէ՛ համայն հայութեան եւ թէ ընդհանրապէս մարդկութեան, ներառեալ՝ իր սեփական քաղաքացիներու կեանքին նկատմամբ: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ իրազեկման աշխոյժ աշխատանքները՝ Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկրներուն մէջ»: