Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ վերջին ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած պատերազմական յարձակումը ազատատենչ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան վրայ:
Համապատասխանօրէն կը դատապարտենք ամօթալի այս արարքը, որ հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ:
Մինչ Հայաստան եւ Արցախ ջանադիր կը հետապնդեն խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն՝ Ատրպէյճանը կը քաջալերէ պատերազմը: Ինչպէս միշտ, հայ-ամերիկեան համայնքը կը մնայ միացեալ իր զօրակցութեան մէջ՝ հանդէպ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն: Այս զօրակցութիւնը անվերապահ է եւ անպայմանական, որովհետեւ զոյգ հանրապետութիւնները մահու-կենաց պայքար կը մղեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութենականութիւնը ընդդէմ իրենց թշնամիներուն:
Մենք կ՛ողջունենք քաջարի մեր զինուորներուն՝ Հայոց բանակի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հերոսական կեցուածքը. անոնք կը պայքարեն՝ ապահովելու տարածաշրջանին եւ բնակչութեան համար խաղաղութիւն:
Կոչ կը յղենք միջազգային հանրութեան, ներառեալ Ամերիկայի քոկրեսին, Միացեալ Նահանգնեռու Նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ենթակայ բաժանմունքներուն՝ անվերապահօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած յարձակումները եւ յարգելու Section 907 եւ United States Freedom Support Act-ը՝ արգելելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնեռու կողմէ Ատրպէյճանին յղուած օգնութիւնը:
Մենք կը հաւատանք «Մէկ ազգ, մէկ նպատակ» լօզունգին, որուն մէջ մենք կը տեսնենք գրաւականը մեր մէկ ապագային: Մենք հետամուտ պիտի ըլլանք ստեղծուած կացութեան եւ պիտի համատեղենք մեր գաղութի բոլոր միջոցները՝ օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան:
Մեր կոչն է, որ իւրաքանչիւրս իր ուսերուն վրայ զգայ ազգային պարտականութիւնը՝ մասնակցելու armenianfund.org դրամահաւաքին եւ իր գործնական մասնակցութիւնը բերելու Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին դիմաց բողոքի ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2020ին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ՝
Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի, Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու, Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, ԱմերիկայիԱրեւմտեան Շրջան
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ