ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 75րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումներուն ընթացքին եւ անդրադարձաւ յատկապէս Ղարաբաղեան տագնապին եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան։
Փաշինեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ հիմնական մարտահրաւէրը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ շեշտեց, որ մարտահրաւէրները լուծելու համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր պետութիւնները վերադառնան արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան եւ միջազգային համագործակցութեան դաշտ`ՄԱԿի հովանիին տակ։
Ան վերահաստատեց Հայաստանի միանշանակ աջակցութիւնը Ընդհանուր քարտուղարին՝ համաշխարհային զինադադար հաստատելու կոչին եւ «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2532 բանաձեւին, որ կը պահանջէ մարտական գործողութիւններու ընդհանուր եւ անյապաղ դադրեցում բոլոր իրավիճակներուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ, հակառակ այս ժահրին դէմ մղուող համաշխարհային պայքարին, տակաւին կայունութեան սպառնացող փորձեր կան՝ յիշելով Յուլիսին Ատրպէյճանի ձեռնարկած սովորական դարձած յարձակողական գործողութիւնը Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ: Վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ տուաւ այս մասին՝ նշելով, որ Հայաստան շուտով կոչ ուղղեց լարուածութեան թուլացման, այդուհանդերձ Ատրպէյճան շարունակեց գետնի վրայ իր գործողութիւնները, իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ա՛լ աւելի սաստկացուցին իրենց ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը՝ հատելով քաղաքակիրթ պատկերացումներու բոլոր սահմանները:
«Յուլիսեան մարտերն ի դերեւ հանեցին Ադրբեջանի ռազմական գերազանցութեան մասին առասպելը եւ հաստատեցին, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Ադրբեջանի ղեկավարութեան համար վաղուց հասունացել է այդ փաստն ընդունելու անհրաժեշտութիւնը, ուստի նրանք պէտք է հրաժարվեն ուժի գործադրումից եւ սպառնալիքներից՝ բանակցութիւնների միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համատեքստում», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։
Ան շեշտեց, որ Հայաստան կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման իր հաւատարմութիւնը՝ դիտել տալով, որ խաղաղութեան գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, որ ճանչցուած է միջազգային հանրութեան եւ միջազգային միջնորդներու, յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ: «Այս իրաւունքի ուժով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է կարողանայ առանց սահմանափակումների որոշել իր կարգավիճակը: Այդ իսկ պատճառով, նրանց ընտրած իշխանութիւնները պէտք է կարողանան մասնակցել բանակցութիւններին: Հակամարտութեան գօտում բնակվող մարդկանց խնդիրներն ու կարիքները պէտք է դառնան բանակցութիւնների օրակարգի գերակայութիւն», դիտել տուաւ ան:
Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստանի համար այլ առանցքային գերակայութիւն է անվտանգութեան գոյաբանական սպառնալիքներու ենթարկուող Արցախի ժողովուրդին համապարփակ անվտանգութեան ապահովումը,
ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու յարգումը։
Ապա Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ Յուլիսին, կացութեան սրացման ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ հնչող կոչերը հիմնականին մէջ կը վերաբերէին զինադադարի դրութեան պահպանման, երկխօսութեան եւ կողմերու զսպման: Սակայն, տարածաշրջաններուն մէջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու ապակայունացնող քաղաքականութեան միանգամայն համահունչ՝ Թուրքիա ջանք եւ եռանդ չխնայեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւս լարուածութիւնը աւելցնելու, նաեւ՝ Միջերկրական ծովու արեւելքը, Հիւսիսային Ափրիկէն եւ Միջին Արեւելքի մէջ։
«Ադրբեջանին իր միակողմանի աջակցութեամբ եւ այնտեղ ռազմական ներկայութեան ընդլայնմամբ՝ Թուրքիան վիժեցնում է տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակին ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների նախաձեռնութիւնները:
«Թուրքիան ուղղակիօրէն սպառնում է Հայաստանին եւ ցուցադրաբար մարտաշունչ կեցուածք դրսեւորում՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական հարեւանութեամբ Ադրբեջանի հետ անցկացնելով սադրիչ բնոյթի համատեղ զօրավարժութիւններ։ Թուրքիան իր քաղաքականութիւնը կառուցում է մեր տարածաշրջանում ազգակցական աւանդոյթների, հակամարտութիւնների շահագործման, Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացման եւ այդ յանցագործութեան անպատժելիութեան վրայ: Թուրքիան անվտանգութեան սպառնալիք է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար», յայտնեց Փաշինեան՝ շեշտելով, որ այս պարունակին մէջ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխոյժ կերպով ներգրաւուիլ տարածաշրջանային եւ միջազգային ջանքերուն մէջ՝ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը պահպանելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը միշտ ալ բացարձակ առաջնահերթութիւն եղած է Հայաստանի համար: «Որպէս ցեղասպանութեան սարսափներ վերապրած ժողովուրդ՝ մենք բարոյական պատասխանատուութիւն ունենք մարդկութեան առջեւ` պահպանելու ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակը եւ նպաստելու այդ սարսափելի ոճիրի կրկնութեան կանխարգելմանն ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերին», յայտնեց Փաշինեան՝ հաստատելով Հայաստանի աջակցութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգելման օրակարգին վերաբերեալ կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, ակադեմական շրջանակներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ ներառական երկխօսութեան հարթակներու ստեղծման։