«Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբը կը հաղորդէ, թէ Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրին մէջ, «Հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արսէն Բաբայեանի, ՀՅԴի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեանի եւ ԲՀԿ ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեանի կողմէ ներկայացուած բողոքներուն քննութիւնը յետաձգուեցաւ՝ աշխատանքային ժամուան աւարտին պատճառով։
30 Յունիսին, «Հայրենիք»ը, ԲՀԿն եւ ՀՅԴն իշխանութեան իւրացման եւ սահմանադրական կարգի տապալման դէպքերու առիթով յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էին Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ)։ ՅՔԾն, սակայն, մերժած էր քրէական գործի յարուցումը։
Յանցագործութեան մասին քաղաքական երեք ուժերու հաղորդման հիման վրայ քրէական գործի յարուցումը մերժած էր նաեւ դատախազութիւնը, որուն յաջորդած էր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու բողոքը առաջին ատեանի դատարան։
Յիշեցնենք, որ գործը կը վերաբերի Սահմանադրութեան ապօրինի փոփոխութեան ընթացքին թոյլ տրուած բազմաթիւ յանցագործութիւններուն։