ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ հարկ վճարողներու կողմէ հարկային մարմինին ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարումի ամսական հաշուարկներուն մէջ արտացոլուած տուեալներու հիման վրայ ամփոփուած են 2020ի Օգոստոս ամսուան ցուցանիշները:
Մ ասնաւորաբար, 2020ի Օգոստոսի տուեալներով` եկամուտ ապահոված աշխատատեղերու թիւը կազմած է շուրջ 618 հազար, ինչ որ 2020ի Յուլիսին հետ բաղդատած՝ աւելի է շուրջ 5 հազարով, իսկ 2019 թուականի Օգոստոս ամսուան համեմատութեամբ` 13.4 հազարով:
Նոյն ժամանակ, 2020ի Օգոստոսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է նաեւ մէկ աշխատատեղին բաժին ինկնող եկամուտը`կազմելով շուրջ 202 հազար դրամ` նախորդ տարուան 188 հազար դրամին փոխարէն: