ԹԵԼ ԱՒԻՒ․- Ըստ 2012էն 2014 երկարող ժամանակահատուածին վերաբերեալ դրամատնային սպրդած զեկուցումներու, Իսրայէլի օդանաւներ արտադրող մեծագոյն ընկերութիւնը` «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտըսթրիզ»ը, առնուազն 155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնք առնչութիւն ունին Ատրպէյճանի վերնախաւին համար դրամ լուալու լայնածաւալ գործողութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ» թերթը:
Իսրայէլեան պետական ընկերութիւնը 2012ին 1․6 միլիառ տոլարի համաձայնագիր կնքած էր Պաքուի հետ․ անոր կողմէ կատարուած վճարումներուն պատճառը յստակ չէ:
Դէպքը երեւան եկաւ, երբ դրամատնային հազարաւոր փաստաթուղթեր սպրդելով՝ յայտնուեցան հետաքննիչ լրագրողներու միջազգային համախմբումին ձեռքը: