ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի անկախութեան 29ամեակին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին։
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Երեսուն տարի առաջ մեր ժողովուրդը երազանք ունէր՝ դարերով փայփայած երազանք՝ վերականգնել իր անկախ պետականութիւնը, եւ 29 տարի առաջ այդ երազանքը կատարուեց: Այս ընթացքում ունեցանք ե՛ւ մեծ յաղթանակներ, ե՛ւ դժուարութիւններ, կարծում եմ, բոլոր լաւ եւ վատ դասերը սովորել ենք: Ժամանակն է, որ նորից երազենք, որպէսզի յաջորդ երեսուն տարում կառուցենք աւելի ամուր ու հզօր պետութիւն: Քսանինը տարի առաջ մենք բոլորով հաւատացինք եւ ստացանք այն, ինչ ուզում էինք: Եթէ այսօր էլ հաւատանք, կարգապահ ու կազմակերպուած լինենք, յստակ նպատակ ու ծրագիր ունենանք, ապա կը հասնենք մեր երազանքին»: