ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբերին, ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի օր, ռուսական պատուիրակութիւն մը Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցաւ թրքական կողմին հետ։
Հանդիպումին ընթացքին թրքական կողմը Ռուսիայէն պահանջեց Հալէպի արուարձաններէն՝ Մունպուճ եւ Ռաֆաաթ քաղաքները Անգարայի յանձնել, սակայն ռուսական կողմը մերժեց թրքական կողմին պահանջքը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը Իտլիպի շուրջ եւս համաձայնութեան չեն հասած։