Ազգային առաջնորդարանը կը դատապարտէ Հինգշաբթի, 17 Սեպետեմբեր 2020ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Սան Ֆրանսիսքոյի մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից ազգապատկան շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, ուր կը գործեն եկեղեցւոյ գրասենեակները, «Վասպուրական» սրահը, շրջանի միութիւններու գրասենեակներն ու տեղւոյն Համազգայինի գրադարանը։
Այս արարքը, վերջին տարիներուն մեր գաղութին դէմ գործադրուող խափանարարութիւններէն մէկն է միայն, որուն կ՛ենթարկուին հայ կառոյցներ՝ ուրկէ լոկ աստուածահաճոյ, գաղութային ծառայութիւններ ու ազգանուէր գործունէութիւն կը ծլարձակուին։ Ատելավառ այս արարքներուն վերջինը, դժբախտաբար, նուազ քան երկու ամիս առաջ, դարձեալ Սան Ֆրանսիքոյի մէջ, մեր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վրայ կատարուած խափանարարութիւնն էր։
Հրդեհին պատճառած վնասները մեծ են, սակայն գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ մարդկային վնասներ չկան։
Ազգային առաջնորդարանն ու տեղւոյն պատկան մարմինները կը սպասեն, որ պետական սպասարկութիւններ յայտնաբերեն յանցագործները, յուսալով որ օրէնքի առջեւ հաշուետու նկատուին անոնք։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ