Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 29րդ տարեդարձն է։
Այս առիթով, Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Առաջնորդը պիտի հանդիսապետէ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։