ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 8 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 439 վարակումներ եւ 7 մահեր։ Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 249,241 վարակումներ եւ 6036 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 942ի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 744,895 վարակումներ եւ 13,835 մահեր:
Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 672,619 եւ 652,148 վարակումներ արձանագրուած են:
Աւելի քան 6․5 միլիոն վարակակիրներով եւ 194,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 4.4 միլիոն, 4.2 միլիոն եւ 1․04 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 128,119 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 74,367, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 68,484:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 27․8 միլիոն է, իսկ մահերունը` 904,000: Ապաքինած են 20 միլիոն վարակուածներ: