ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Գիւմրին 1 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին պատճառով տուժած Լիբանանի հայ համայնքին։ Սոյն որոշումը տուաւ քաղաքի աւագանին:
Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ իբրեւ նուիրատուութիւն, որ իր կարգին պիտի ուղղէ այդ նպատակին:
«Սա այն դէպքն է, որ բոլորս միաձայն կողմ ենք աջակցելուն: Նոյնիսկ 1 միլիոն դրամն է քիչ, բայց մեր բիւջեն հիմա այս հնարաւորութիւնն ունի, եթէ կարողացանք այդ գումարն էլի կ՛աւելացնենք», ըսաւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: