ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Երկուշաբթի օր, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով ընտանիքներու՝ վնասներ կրած բնակարաններու դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին ծրագիրը:
Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրին գործադրութեան առաջին օրը 210 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ՝ ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը:
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը մինչեւ Ուրբաթ պիտի աւարտէ ներկայացած 1485 դիմողներու հատուցման տուչութեան աշխատանքը:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան այցելեցին Պէյրութի հայկական թաղամասերը եւ մօտէն իրազեկ դարձան հայ բնակչութեան կրած վնասներուն։