ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար 27 Օգոստոսին հարցազրոյց մը տուաւ «Անատոլու» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Թուրքիան եւս կողմ է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան։
Աքար անդրադարձաւ անցեալ ամիս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիան եւս հակամարտութեան կողմ է՝ հանդիսանալով եղբայրական պետութեան եւ անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան կողմնակից։ Հայաստանի յարձակողական կեցուածքը դատապարտելի է։ Հայաստան խելամիտ չի վարուիր, կ՛ապաւինի իր ետեւը կանգնած ուժերուն եւ սեփական կարողութիւններէն վեր քայլերու կը դիմէ»։
Անդրադառնալով վերջերս տեղի ունեցած Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրավարժութիւններուն, ան ըսաւ, որ նման միջոցառումները ցոյց կու տան Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին ի նպաստ եւ վստահեցուց, որ այս աջակցութիւնը պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ։