ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 25 Օգոստոսին հաղորդեցին, որ «Քորոնա» ժահրով վարակումներուն թիւը կը շարունակէ նուազիլ, յատկապէս դիմակ կրողներու թիւին աճին շնորիւ։ Արդարեւ, նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 989 վարակումներ եւ 51 մահեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով մէկ օրուան մէջ վարակուղներուն թիւը հազարէն ցած եղած է Յունիսէն ի վեր։
Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 233,777 վարակումներ եւ 5605 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 1200ի։
Ցարդ գաւառին մէջ կատարուած են 2,207,000 քննութիւններ, որոնց մօտաւորապէս 10 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 682,365 վարակումներ եւ 12,419 մահեր:
Աւելի քան 5.9 միլիոն վարակակիրներով եւ 182,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.7 միլիոն, 3.3 միլիոն եւ 970,865 վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 116,964 մահեր, Մեքսիքայի մէջ՝ 61,450, իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ 60,291:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 24 միլիոն է, իսկ մահերունը՝ 826,000: Ապաքինած են 16.7 միլիոն վարակուածներ: