ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական հիւլէական ելեկտրակայանի երկրորդ պլոքի 3րդ եւ 4րդ կայաններուն անհրաժեշտ նորոգութենէն ետք, անոնք ունեցան հզօրութեան ուժանիւթի մակարդակ եւ միացան Հայաստանի միասնական ելեկտրահամակարգին:
Հայկական հիւլէական կայանի աշխատանքները աւարտեցան նախատեսուածէն 12 օր առաջ: Այդ կարելի եղաւ շնորհիւ գործընթացի յատուկ կազմակերպման, Հայկական հիւլէական կայանի անձնակազմին` վերջնական արդիւնքի հասնելու նպատակաուղղուածութեան, ինչպէս նաեւ շնորհիւ ներգրաւած կազմակերպութիւններուն հետ առողջ գործնական փոխյարաբերութիւններուն, որոնք ձեւաւորուած են համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքին ընթացքին: Հայկական հիւլէական ելեկտրակայանի նախազգուշական աշխատանքները կատարող եւ սարքերը արդիականացնող գլխաւոր կապալառուն «Ռուսատոմ Սերվիս» մասնագիտացուած ընկերութիւնն է։