ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պելճիքա տեղեկացուց Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու մասին։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը: