ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Անիի Մայր տաճարին նուիրուած առցանց ներկայացում, հովանաւորութեամբ՝ «Փիթըրզ» հիմնարկին։
Պիտի բանախօսէ «Թաֆց» համալսարանի արուեստի եւ յատկապէս հայկական արուեստի պատմութեան դասախօս՝ դոկտ․ Քրիսթինա Մարանչի։
Ներկայացման հետեւելու համար արձանագրուիլ՝ https://bit.ly/armenianstudiesmaranci կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: