ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Վանի տեղական իշխանութիւնները կը պատրաստուին 6 Սեպտեմբերին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին:
Վանի նահանգապետը եւ Վանի քաղաքապետի պաշտօնակատար Մեհմետ Էմին Պիլմեզ յայտարարած է, որ այս տարի մասնակցութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ՝ նշելով․ «Աղթամար կղզին եւ Վանայ լիճը աշխարհի մշակութային ժառանգութիւններն են, որոնք ի պահ տուած են մեզի՝ վանեցիներուս։ Աղթամար կղզիին վրայ պատմական եկեղեցի կայ։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած արձանագրութեան համաձայն՝ ամէն տարի, 2 Սեպտեմբերի 2րդ Կիրակի օրը, եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի։ Այս տարի ալ, 6 Սեպտեմբերին, այնտեղ համաճարակային կանոններուն պահպանումով, աւելի քիչ մասնակցութեամբ պատարագ պիտի մատուցուի։ Մեր բոլոր հնարաւորութիւններով պատարագ կազմակերպողներուն կողքին պիտի ըլլանք։ Այս պատարագով պիտի օգնենք մեր քաղաքի հանրահռչակման ու զբօսաշրջութեան»։
Կը հաղորդուի, որ պատրիարքարանէն պատարագը իրականացնելու համար Վան պիտի ժամանէ 25 հոգինոց անձնակազմ մը։
95 տարուան դադարէ ետք՝ 2010էն ի վեր՝ ամէն տարի Սեպտեմբերին՝ Խաչի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի: Սակայն 2015-2017 թուականներուն ընթացքին՝ շրջանի քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժին միջեւ պարբերական բախումներուն պաևճառով, պատկան մարմինները պատարագ իրականացնել չէին արտօնած: Եռամեայ դադարէ ետք, 2018ին դարձեալ պատարագ մատուցեցաւ: