ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 100ամեակին առիթով նախաձեռնեց դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու ընկերվարական երիտասարդական միութիւններու հետ հետեւեալ յայտարարութեան հրապարակման.
«Միացեալ յայտարարութիւն՝ նուիրուած Սեւրի դաշնագիրի 100ամեակին
«Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ իրաւական միջազգային միակ փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը. անիկա ստորագրուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք՝ 1920ին, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին ընթացքին Դաշնակից ուժերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Հիմք ընդունելով այն բանաձեւը, որ միաձայնութեամբ ընդունուած է Երեւանի մէջ Ընկերվարական Երիտասարդական Միջազգային Միութեան (Ըեմմ/IUSY) Համաշխարհային խորհուրդի ժողովին (2015), որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝
«Մենք`Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու կամ անոնց իրաւայաջորդ պետութիւններու ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններս, կը վերահաստատենք Սեւրի դաշնագիրին կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ՝ ձեռնարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման քայլերու եւ սկսելու հայ ազգի իրաւունքներու վերականգման գործընթացին:
«Մենք համոզուած ենք, որ ասիկա երկու երկիրներուն ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութիւն եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միակ միջոցն է»:
Յայտարարութիւնը ստորագրուած է հետեւեալ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն կողմէ
Պելճիքա՝ Երիտասարդ սոցիալիստներ
Պելճիքա՝ Սոցիալիստ երիտասարդներու շարժում
Թուրքիա՝ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան երիտասարդական
Իտալիա՝ Երիտասարդ դեմոկրատներ
Լեհաստան՝ Երիտասարդ սոցիալ դեմոկրատներու միութիւն
Խորուաթիա՝ Խորուաթական սոցիալ դեմոկրատական երիտասարդներ
Գանատա՝ Գանատայի նոր դեմոկրատական երիտասարդներ
Հայաստան ՝ՀՅԴ երիտասարդական՝ ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւն
Յունաստան՝ Համայունական սոցիալիստական շարժում – ՊԱՍՈԿ երիտասարդական
Հնդկաստան՝ Երիտասարդ քուէարկողներու կուսակցութիւն
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն՝ Մակեդոնիոյ սոցիալ-դեմոկրատ երիտասարդներ
Նոր Զելանտա՝ Նոր Զելանտայի երիտասարդ լէյբորիստներ
Չեխիա՝ Երիտասարդ սոցիալ-դեմոկրատներ
Փորթուգալ՝ Երիտասարդ սոցիալիստներ
Սերպիա՝ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան երիտասարդներ
Սլովենիա՝ Սոցիալ դեմոկրատականներու երիտասարդական ֆորում
Ֆրանսա՝ Սոցիալիստ երիտասարդներու շարժում