ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
27 Ապրիլ 2020ին, իր մահկանացուն կնքեց «Տիպար ՀՄԸՄական – 2019»ի տիտղոսակիր Վարդգէս Շխրտըմեանը, խոր ցաւ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքին եւ մանաւանդ ՀՄԸՄի Գրեսէնթա հովիտի Շանթ մասնաճիւղին, որուն հիմնադիր անդամներէն մէկը հանդիսացած էր։ Եղբօր թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 1ին։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով արարողութեան մասնակցած են միայն անմիջական ընտանեկան պարագաները։
Հակառակ երկար տարիներու իր անվհատ պայքարին, անողոք հիւանդութիւնը չխնայեց եղբօր եւ սուս ու փուս հեռացուց զինք այս աշխարհէն։ Այո՛, մեզի հրաժեշտ տուաւ անձնուրաց եղբայր մը, հաւատաւոր ՀՄԸՄական մը, որ միշտ պատրաստ էր օգտակար հանդիսանալու իր շրջապատին եւ արժանի չէր նման հրաժեշտի։ Այս իրողութիւնը արդար չէր վաստակաշատ ՀՄԸՄական մեր սիրելի եղբօր համար։ Կասկածէ վեր էր, որ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ հարազատներ պիտի փափաքէին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու անոր, որուն հետ երկար տարիներ գործակցած՝ եւ գեղեցիկ յիշատակներ արձանագրած էին։
Եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեանի հետ ծանօթացած էի 1993ին, ՀՄԸՄի Շանթ մասնաճիւղի հիմնադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին եւ անոր մէջ տեսած էի փորձառու միութենականի՝ ՀՄԸՄականի հարազատ ոգին։ Ուրախ եմ, որ 2019ի ամրան, իր Հայաստան այցելելութեան ընթացքին, բարեբախտութիւնը ունեցայ բազմիցս հանդիպելու իր հետ եւ խօսելու ու քննարկելու ՀՄԸՄը յուզող կարեւոր հարցեր։
Եղբօր վաստակը մեծ է ՀՄԸՄի կեաքէն ներս, որուն անդամակցած էր փոքր տարիքին Պաղտատի մէջ եւ շարունակած էր իր գործունէութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ՝ նախ միանալով ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի Արարատ մասնաճիւղին, իսկ 1993էն մինչեւ իր մահը՝ ՀՄԸՄ Շանթ մասնաճիւղին։
Եղբ. Վադգէս Շխրտըմեան օժտուած էր առողջ ղեկավարի մը ու համեստ միութենականի մը յատկութիւններով։ Միշտ պատրաստ էր կամաւոր աշխատանքի, ունէր պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ նուիրումով կը կատարէր իրեն վստահուած պատասխանատու պարտականութիւնները։ Այս իմաստով ալ, ան միշտ հաւատարիմ մնացած էր իր հիմնած մասնաճիւղին եւ գործօն մասնակցութեամբ մեծապէս նպաստած էր անոր հզօրացման. իբրեւ հիմնադիր առաջին վարչութեան անդամ, ատենապետ եւ համեստ անդամ։ Ան միշտ պատրաստակամ եղած էր մասնակցելու իր մասնաճիւղի վերելքին նպաստող ծրագիրներուն եւ աշխատանքներու յաջողութեանց։ Այս բոլորէն անկախ, ան նաեւ 23 տարիներ բեղուն գործունէութիւն ունեցած էր ՀՄԸՄի շրջանային մակարդակի վրայ, ուր բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ վստահուած էին իրեն: Եղած է Շրջանային վարչութեան անդամ, Նաւասարդեան Մարզախաղերու կազմակերպման գլխաւոր յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ ստանձնած է Նաւասարդեան խաղերու բացման եւ փակման հանդիսութիւններու, յաղթանակի պարահանդէսի եւ փառատօնի յանձնախումբերուն մէջ պատասխանատու յանձնառութիւններ:
Եղբ. Շխրտըմեան առանց տրտունջի կը կատարէր իրեն վստահուած միութենական պարտականութիւնները եւ կը հաւատար, որ ՀՄԸՄը իր կեանքի դպրոցն էր, ուր ոչ միայն թրծուած էր, այլ նաեւ հարազատ ընկերներու լայն շրջանակ մը կազմած էր։
Պէտք է ընդգծել, թէ շրջանի ՀՄԸՄի ղեկավարութիւնը աննկատ չէր անցած եղբօր նուիրումին։ Բարձր գնահատելով անոր միութենական մաքուր ոգին ու աշխատասիրութիւնը պարգեւատրած էր զայն շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանով, ինչպէս նաեւ անոր շնորհած էր «Տիպար ՀՄԸՄական – 2019» տիտղոսը։
Եղբայրը իր ընկերասիրութեամբ, աշխատասիրութեամբ, ՀՄԸՄի հանդէպ ունեցած սիրոյն, յարգանքին ու հաւատքին, բարի օրինակ հանդիսացած էր իր շրջապատին եւ յատկապէս իր մասնաճիւղի նորահաս սերունդներուն։
Ափսո~ս անողոք մահը չխնայեց իրեն եւ անժամանակ բաժնեզ զինք մեզմէ, առիթ չտալով անոր ամբողջացնելու իր երազանքները։ Ան հեռացաւ մեզմէ եւ միացաւ ՀՄԸՄականներու երկնային փաղանգին, շարունակելու իր սրբազան պարտականութիւնը։ Հանգիստ ու խաղաղ գնա՛ եղբայր Վարդգէս, վստահ եղիր որ սիրելի ընկերներդ պիտի շարունակեն կիսատ թողած գործերդ, անոնց մէջ ընդգրկելով ազգասիրութեամբ դաստիարակած զաւակներդ եւ թոռներդ։ Եւ մենք ժպիտով պիտի յիշենք քեզ, գեղեցիկ յուշերդ պիտի մտաբերենք եւ անշուշտ՝ նաեւ կենացդ պիտի խմենք։
Հողը թեթեւ գայ հոգնած աճիւններուդ վրայ սիրելի եղբայր։